ԱԻՆ–ը յայտնած է յառաջիկայ 5 օրուան եղանակի կանխատեսումը։
Հանրապետութեան տարածքին`10 դեկտեմբերի ցերեկը, 11-12-ը, 13-ի գիշերը, 14-ի ցերեկը, 15-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: 13 դեկտեմբերի ցերեկը շրջաններու մեծ մասին մէջ, 14-ի գիշերն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային շրջաններու մէջ՝ ձիւն: 10-12 դեկտեմբերին Արարատեան դաշտին մէջ առաւօտեան ժամերուն, 13-14-ը շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի մառախուղ:
Քամին՝ հարաւ-արեւելեան` 2-5 մ/վ:
Օդի ջերմաստիճանը 10 դեկտեմբերի ցերեկը Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ պիտի բարձրանայ 2-4 աստիճանով:
Երեւան քաղաքին մէջ՝ 10 դեկտեմբերի ցերեկը, 11-ին, 12-ի ցերեկը, 13-ի գիշերը, 14-15-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: 13 դեկտեմբերի ցերեկը կը սպասուի անձրեւ եւ մառախուղ: