ՀՀ նկարիչներու միութեան մէջ, 27 Սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին, պիտի մեկնարկի «1080 ժամ» խորագրով ֆոթոպատմութեան եռօրեայ ցուցադրութիւնը՝ նկարահանուած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն։
Միջոցառումը նուիրուած է Արցախեան պատերազմի մասնակից բոլոր քաջ հայորդիներուն եւ կ'իրականացուի ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ֆոթոպատմութեան հեղինակն է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից Միքայէլ Նազարենկոն: Ցուցադրութիւնը ռազմաճակատին անցուած իւրաքանչիւր օրուայ, պատերազմի մասնակիցներու առօրեայի, կենցաղի, կռիւի խաղաղ կողմի մասին է:
Եռօրեայ ցուցահանդէսի շրջածիրէն ներս առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի նաեւ «1080 ժամ» խորագրով փաստավաւերագրական ֆիլմը, որու գերակշիռ մասը նկարահանուած է պատերազմի ընթացքին՝ առաջնագիծին։ Ֆիլմը նաեւ կը ներառէ յետպատերազմական շրջանին նկարահանուած հարցազրոյցներ պատերազմի մասնակիցներու հետ: Ֆիլմը չի պարունակեր դաժան, ոչ մարդասիրական քատրեր՝ պահպանելով ֆիլմին ներկայացուող պահանջները:
Ցուցադրութեան մուտքը ազատ է: