image

Երեւանի մէջ. 10-ամեայ «Քովիտ»ով վարակուած երեխան մահացած է

Երեւանի մէջ. 10-ամեայ  «Քովիտ»ով վարակուած երեխան մահացած է

Երեւանի մէջ Քովիտով վարակուած 10-ամեայ երեխայ մահացած է Այս մասին տեղեկացուցած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքի վարիչ Աննա Չոպանեանը:

«Երեխան ամսուն 22-ին բերին մեր մոտ: Շնչառութիւնը ծանր էր եւ գիտակցութիւնը՝ մթագնած, շատ թոյլ էր, ունէր բարձր ճնշում, բարձր սրտի զարկեր, բայց բնական արեան յագեցուածութիւն եւ թթուածին ունէր: Կատարուած են բոլոր հետազօտութիւնները եւ առաջին անգամ իր կեանքին մէջ յայտնաբերուած է շատ բարձր շաքարախտ եւ արեան թթուայնութիւնը շատ բարձր եղած է, որ բնորոշ է շաքարախտին։ Անկէ ետք նաեւ Քովիտ յայտնաբերուած է երեխային մօտ », ըսաւ Աննա Չոպանեան ու յաւելեց, որ երեխային մահը գրանցուած է երկու հիւանդութիւններու յառաջացուցած բարդութիւններուն պատճառով: