image

Երեւանեան հիւանդանոցի մը մէջ 2-ամեայ աղջնակ մը մահացած է

Երեւանեան հիւանդանոցի մը մէջ 2-ամեայ աղջնակ մը մահացած է

11 Յունուարին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 19։20-ի սահմաններուն «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցէն ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ իրենց մօտ ժամը 19։10-ի սահմաններուն յանկարծամահ եղած է երեխայ։ Այս մասին յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:

Հիւանդանոցի բժիշկները ոստիկաններուն եւ քննիչներուն յայտնած են, որ երեխան իրենց մօտ ընդունուած է «սրտի կանգ» ախտորոշմամբ։

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ՝ 2-ամեայ Եւա Պ-ն է։

Դէպքի փաստով Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։