Թուրքիոյ նախագահը կը յայտնէ, որ Հայաստանի վարչապետը իրեն հանդիպելու առաջարկ կատարած է: Ըստ Էրտողանի, առաջարկը իրեն փոխանցուած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի միջոցով, որուն Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած էր մօտ տասը օր առաջ, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը:
«Եթէ Հայաստանի վարչապետը կ'ուզէ հանդիպիլ ինծի հետ, ապա Հայաստանը պէտք է դրական քայլեր ձեռնարկէ։ Եթէ այդ հանդիպումը կայանայ, Թուրքիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ», յայտնած է Էրտողանը՝ ՄԱԿ-ի հերթական գագաթնաժողովէն առաջ տուած ասուլիսին ընթացքին։
Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ դժուարութիւնները կրնան յաղթահարուիլ Զանգեզուրի միջանցքի բացումով։