image
Հրատապ լուրեր:

Երբեմն ստիպուած կ՚ըլլամ Լաւրովին յիշեցնել, որ ան Պաշտպանութեան նախարարը չէ. Փութին

Երբեմն ստիպուած կ՚ըլլամ Լաւրովին յիշեցնել, որ ան Պաշտպանութեան նախարարը չէ. Փութին
ՌԴ ԱԳՆ-ն կը զբաղեցնէ յարձակողական դիրք. հայրենական դիւանագիտական ծառայութեան ներուժը կ'աշխատի շատ գրագէտ՝ ելլելով Ռուսաստանի ազգային շահերէն, յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
 
«Մեծ գաղտնիք չէ, որ մեր դիւանագիտական գերատեսչութիւնը կը զբաղեցնէ շատ աշխոյժ, յարձակողական դիրք: Երբեմն ես նոյնիսկ ստիպուած կ'ըլլամ յիշեցնել (Սերկէյ Լաւրովին), որ ան պաշտպանութեան նախարար չէ, այլ արտաքին գործոց նախարար է»,-ըսած է Փութին «Միասնական Ռուսաստան»ի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:
 
«Մեր դիւանագիտական ծառայութեան հսկայական մասնագիտական ներուժը, ի հարկէ, այսօր կ'իրացուի եւ կ'աշխատի, անշուշտ, շատ գրագէտ՝ ելլելով երկրի ազգային շահերէն»,-աւելցուցած է նախագահը: