Երասխի գիւղապետ Ռադիկ Օղիկեանը դիմատետրեան էջին գրած է․ «Ողջոյն Հայ ազգ Աստուծոյ կամօք ողջ եմ...
Ուրախութեամբ տեղեկացնեմ բոլորիդ, որ ապաքինուում եմ դէպի լաւը, ժամանակաւորապէս վերադարձել եմ շարք առօրեայ գործերիս»։
Յիշեցնենք, որ Արարատ մարզի Երասխ գիւղի համայնքապետ Ռադիկ Օղիկեանը կրակոցներու հետեւանքով վիրաւորուած է։
Օղիկեան վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած է «Արարատ» հիւանդանոց, որմէ ետք ալ փոխադրուած է Երեւան։
Յիշեցնենք, որ վերջին քանի մը օրերուն ԶԼՄ-ներու ուշադրութեան կեդրոն դարձած էր Երասխ համայնքը եւ թշնամի ատրպէյճանեան ուժեր անդադար կրակ կը բանային հայկական պաշտպանական դիրքերուն ուղղութեամբ։