Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսազրոյցով պայմանաւորուած են գործընթացը հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու արագ իրականացման ու տարածաշրջանին մէջ կապերու ապաշրջափակման։
Ըստ ռուսական կողմի հաղորդագրութեան՝ Սերկէյ Լաւրովն ու Ճէյհուն Պայրամովը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ։
«Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխատելու որոշումներու արագ եւ լիարժէք իրականացման ուղղութեամբ, այդ շարքին՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի սահմանազատման մեխանիզմներու գործարկման վերաբերեալ», ըսուած է Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով եւ Պայրամով քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումը, ատրպէյճանցի եւ հայ հասարակական գործիչներու հանդիպումը։