«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ 21 սեպտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցին ընդառաջ զոհուած զինծառայողներու ծնողները բռնի ուժով բերման ենթարկելու քրէական վարոյթով 20 ծնող տուժող ճանչցուած է։ Այս մասին NEWS.am-ը տեղեկացած է ծնողներու ներկայացուցիչ, փաստաբան Վահան Յովհաննիսեանէն։
Փաստաբանը յայտնած է, որ հինգ ծնողի մասով բժշկական փորձաքննութեան եզրակացութիւնները ստացած են. «Ըստ փորձաքննութեան արդիւնքների՝ հինգ ծնող ստացել է մարմնական վնասուածքներ։ Այսինքն՝ առողջութեանը պատճառուել են տարբեր աստիճանի վնասներ»։
Վահան Յովհաննիսեանն ըսած է, որ վարոյթով դեռ մեղադրեալ չկայ։