Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ հրամանագիր ստորագրած է՝ ուղղուած Սուրիոյ մէջ քրտական համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան, այդ շարքին՝ ազգային եւ լեզուական խտրականութեան բացառման։ Այս մասին հաղորդած է Al Arabiya-ն։
Հրամանագիրը ստորագրուած է քրտական ուժերու եւ Դամասկոսի միջեւ վերսկսած բախումներու լոյսի ներքոյ։
X ընկերային հարթակի վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Սուրիոյ նախագահը ուղերձով դիմած է քիւրտ բնակչութեան՝ նշելով, որ հրամանագիրը, որ պէտք է ամրագրուի օրէնքի բնագրին մէջ, կ՚երաշխաւորէ քիւրտերու՝ որպէս իրաւահաւասար քաղաքացիներ, իրաւունքները։ Ան նաեւ կոչ ըրած է տեղահանուած սուրիացի քիւրտերուն վերադառնալու իրենց քաղաքներն ու գիւղերը՝ ընդգծելով, որ ատոր համար որեւէ նախապայման պիտի չըլլայ, բացի զէնքը վար դնելէն։
Ինչպէս նշած է արաբական լրատուամիջոցը, հրամանագրի ամբողջական բնագրի համաձայն՝ քրտերէնը Սուրիոյ մէջ կը ճանչցուի որպէս ազգային լեզու, իսկ «Նաւրուզ»ը կը յայտարարուի ազգային տօն։
Բացի այդ, կը նախատեսուի Սուրիոյ քաղաքացիութիւն տրամադրել այն քիւրտերուն, որոնք զրկուած էին անկէ 1962 թուականի վիճայարոյց մարդահամարի պատճառով։
Հրամանագրով նաեւ պետական հաստատութիւններուն կը պարտաւորեցուի խթանել ներառական ազգային խօսոյթը եւ ապահովել բոլոր համայնքներու հաւասար իրաւունքները։