Լաթվիայի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Էտկարս Ռինքեւիչսը Թուիթըրի մէջ տեղադրած գրառմամբ յայտնած է, որ Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է պատժամիջոցներու երկրորդ փաթեթին:
Անոր մէջ ներառուած է շարք մը պաշտօնեաներու, այդ շարքին` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ֆինանսական հաշիւներու սառեցումը:
Ռինքեւիչսը մանրամասներ չէ յայտնած, սակայն հաղորդած է, որ Եւրոպական միութիւնը արդէն կ'աշխատի Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու երրորդ փաթեթի վրայ: