image

Ատրպէյճանցի փախստականներու վերադարձի հարցը ներառուած չէ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ․ արտաքին գործոց փոխնախարար

Ատրպէյճանցի փախստականներու վերադարձի հարցը ներառուած չէ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ․ արտաքին գործոց փոխնախարար

Այս գործընթացը թափանցիկ է, մենք մշտապէս կը տեղեկացնենք գործընթացներու մասին, բոլոր հանդիպումներու վերաբերեալ կը տրուին համապատասխան մամուլի հաղորդագրութիւններ, բովանդակութեան մասին մշտապէս կը տեղեկացուի թէ՛ վարչապետի, թէ՛ Արտաքին գործոց նախարարի կողմէ:

Այս մասին Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը՝ անդրադառնալով հարցին արդեօք հանրութենէն կը թաքցնեն որեւէ բան խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած:

Հարցին՝ Ատրպէյճանի համար խնդիրը ի՞նչն է, որ չի համաձայնիր ստորագրել, Սահմանադրութեա՞ն հարցը, Կոստանեանը պատասխանած է. «ՀՀ Սահմանադրութեան եւ սահմանադրական փոփոխութիւնները ոչ միայն մեր ներքին գործընթացներն են, այլ այն մտահոգութիւնները որոնց մասին պաշտօնական Բաքուն բարձրաձայնում է դրանց արդէն իսկ պատասխան հնչել է»:

Փոխնախարարը վստահեցուցած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի մէջ ատրպէյճանցիներու վերադարձի մասին կէտ ներառուած չէ:

Հարցին՝ թեման օրակարգ բերելը կրնա՞յ «կարմիր գիծ» դառնալ Հայաստանի համար, Կոստանեանը պատասխանած է. «Մենք մեր եթերը չպէտք է օգտագործենք Ադրբեջանի այս կամ այն մտացածին թէզերն առաջ տանելու համար»։