Ճափոնի մէջ Թրամփը կրկին խօսած է Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմի դադրեցման մասին:
«Ես 8 ամսուան մէջ դադրեցուցեր եմ 8 պատերազմ, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որ տեւած է 35 տարի: Եւ այս տարի դադրեցուցեր ենք պատերազմը Կազայի մէջ», -յայտարարած է Թրամփը Ճափոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանին մէջ իր ելոյթի ժամանակ:
Յիշեցնենք, որ 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ նախաստորագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը: