image
Հրատապ լուրեր:

Եկա՞ծ է վայրկեանը քարտերը բանալու…

Եկա՞ծ է վայրկեանը քարտերը բանալու…

Մինչ Մոսկուա կը յամառի իր անհեթեթ կրաւորականութեան վրայ` թոյլ տալով, որ ազրպէյճանական նախայարձակումը ամուր դիրքեր գրաւէ Հայաստանի սահմաններէն ներս, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա կը պահանջեն Ալիեւէն ետ քաշելու իր զօրքերը… Յաջորդ քայլը Ալիեւինն է:

Եւ այդ քայլով պիտի բացուին փակագիծները եւ պիտի յստականայ իրական պատկերը կովկասեան նոր հաւասարակշռութեան:

Եթէ Արեւմուտքի ղեկավարները յաջողին տապալել Ալիեւին բազուկը եւ ստիպեն Ալիեւը դուրս գալու Հայաստանի սահմաններէն, մեծ ոստիւն մը կատարած կ՛ըլլան տարածաշրջանի ռազմաբեմին վրայ եւ մեծ հարցի առջեւ կը դնեն Փութինը (եւ իրեն հետ Ռուսաստա՛նը` որպէս առաջնորդի): Փութինի եւ Լաւրովի ոչինչ ըսող յորդորները` հարցը «դիւանագիտութեամբ» լուծելու, միանգամընդմիշտ կը վարկաբեկեն Ռուսաստանը տարածաշրջանի պետութիւններու աչքին (ներառեա՛լ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի…): Ռուսաստանը կը վերածուի աննշան քանակութեան:

Թէ ինչո՞ւ Մոսկուա կ՛ընտրէ կրաւորականութեան եւ անգործութեան ուղին Ազրպէյճանի նախայարձակման եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան ի տես` հարց մըն է, որ տակաւին չէ գտած իր ամբողջական պատասխանը: Միջազգային կողմերը կը խուսափին այս ոլորտի քննարկումներէն: Ես համոզուած եմ, որ հոս կը գործեն Մոսկուայի ղեկավարութեան անձնական շահերու գործօնները: Ներկայ քննարկման համար, սակայն, կարեւոր չեն դրդապատճառները: Կարեւորը այն է, որ Ռուսաստանի ռազմավարական գերագոյն շահերն են, որ կը տուժեն եւ այդ գահավէժին զոհ կ՛երթան Հայաստանն ու Արցախը:

Հարցո՛ւմ. ԱՄՆ եւ Ֆրանսա որքա՞ն հաստատակամ կրնան ըլլալ այս առճակատման մէջ եւ հայկական կողմը օժտել անհրաժեշտ ինքնավստահութեամբ եւ սպառազինումով…Ի՞նչ երաշխիք ունին հայերը, որ յանկարծ խաղաքարտերը պիտի չշրջուին Արեւմուտքի տէրերուն կողմէ (ինչպէս` բազմիցս անցեալին)` Հայաստանն ու Արցախը կրկին նետելով գազանին երախը: Ի վերջոյ ազդարարութիւնները չեն, որ պիտի շարժեն Ալիեւը տեղէն, այլ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի վճռակամութիւնը` ի հարկին զինու զօրութեամբ իրենց կամքը պարտադրելու:

Այս բոլորը պէտք է ըսել բարձրաձայն, քանի որ գոյութիւն ունի այս մետալին միւս երեսը: Եթէ Ալիեւ պարզապէս արհամարհէ արեւմտեան կոչերը եւ յաջողի պահպանել business as usual… իր եւ Արեւմուտքի միջեւ, կը վերայայտնուի Ռուսաստանի հզօր թաթը տարածաշրջանին մէջ, եւ անգամ մը եւս արեւմտեան արժեթուղթերը կը հաւասարին գետնին:

Այս առումով, կը գտնուինք շրջադարձային հանգրուանի մը վրայ, որուն բանալին, պայմաններու բերումով, կը գտնուի Ալիեւի ձեռքերուն մէջ: Մեր խնդիրն է հասկնալ եզրերը թշնամիի երկընտրանքին:

Պիտի հասկնանք վերջապէս, որ մեր հարցը միայն մեր ազգային ոլորտին չէ, որ կը պատկանի: Ոչ ալ` միայն տարածաշրջանի կաթսային: Մեր հարցը միջազգայնացած է վաղուց եւ կը պահանջէ մեզմէ գործել բացառիկ ուժգնութեամբ ամբողջ աշխարհակարգի մակարդակին վրայ, եթէ կ՛ուզենք հաստատուն լուծումներու հասնիլ:

Իսկ մեր ժողովուրդը պիտի գիտնայ, որ մենք պատերազմի մէջ ենք: Պատերազմը վերջ չէ գտած: Եւ մենք ենք միայն, որ պիտի ճարտարապետենք մեր յաղթանակը այս բարդ ռազմադաշտի բոլոր ճակատներուն վրայ` օրուան բոլոր ժամերուն:

 

Կարօ Արմենեան

«Ազդակ»

 

27 սեպտեմբեր 2022