Ձիւնի տեղումներու պատճառով Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ յետաձգուած եւ չեղարկուած է աւելի քան 170 թռիչք, ըստ Yandex.Schedule ծառայութեան՝ ժամը 18:35-ի տուեալներու։
«Վնուքովօ» օդակայանին մէջ յետաձգուած է 61, չեղարկուած՝ 13 թռիչք: «Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ յետաձգուած է 48, չեղարկուած՝ 2 թռիչք: «Շերեմեթեւօ» օդակայանին մէջ 41 թռիչք յետաձգուած է, 4-ը՝ չեղարկուած։ «Ժուքովսքի» օդակայանին մէջ յետաձգուած է 4 թռիչք:
Գիշերը Մոսկուայի մէջ ձիւն տեղացած է, յետոյ տեղումներու ուժգնութիւնը նուազած է, 18 դեկտեմբերի երեկոյեան ձիւնը դադրած է։ Մայրաքաղաքին մէջ ձնակոյտերու բարձրութիւնը տատանած է 33-38 սմ-ի սահմանին։