26 մայիսի ժամը 19։50-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւր գիւղի Ազատութեան փողոցի 4-րդ նրբանցքը տեղի ունեցած է արկած՝ ինքնաշարժը զարնուած է պատին. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութիւնը (ՆԳՆ ՓԾ)։
Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
Պարզուած է, որ «Renault» մակնիշի ինքնաշարժը զարկած է ճամփեզրին կայանած «GAZ» մակնիշի բեռնատարին, այնուհետեւ՝ տան պատին եւ կողաշրջուած:
Յ. Ս.-ն (1964-ի ծնունդ) փոխադրուած է «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն։
Փրկարարները հոսանքազրկած են ինքնաշարժը, ուղղած այն եւ քաղաքացի Տ. Ա.-ի (1973-ի ծնունդ) դիակը փոխադրած: