ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանը չի բացառեր Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի մագլցման հնարաւորութիւնը։ Ընդ որում, ան չի կարծեր, թէ ձմեռնային եղանակը կրնայ ազդել ատրպէյճանական կողմի ծրագիրներուն վրայ։
«Ես դրան անդրադարձել եմ մէկ տարի առաջ, որ դա լինելու է, աւելացնելու բան չունեմ»,- Փաստինֆո-ի հետ զրոյցին անդրադառնալով սահմանային անհանգստացնող իրավիճակին, ըսաւ Մովսէս Յակոբեանը։
Անդրադառնալով հարցին, թէ ստեղծուած իրավիճակին, երբ, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները կարծես թէ փակուղի մտած են, նոր ռազմական սադրանքով Ատրպէյճանը ի՞նչ նպատակ կրնայ հետապնդել, Մովսէս Յակոբեանն ըսաւ․ «Ամէն ինչ շատ պարզ է, Ատրպէյճանը, երբ իր նպատակներին քաղաքական ճանապարհով չի կարողանում հասնել, հասնում է ռազմական ճանապարհով»։
Ինչ կը վերաբերի հարցին, թէ ո՞ր ուղղութիւնները կրնան թիրախ դարձնել հնարաւոր յարձակումի պարագային, ԳՇ նախկին պետը չմանրամասնեց՝ միայն յղում ըրաւ աւելի վաղ իր կողմէ կատարուած յայտարարութեան։