Լրագրող Սագօ Արեան կը գրէ ՝
‼️‼️‼️🇱🇧🇦🇲Ձեռքերը հեռու հայկական Պուրճ Համուտէն...
Ուրեմն քիչ առաջ Ձեռքս անցաւ Պէյրութի հայահոծ շրջան՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ՝ Տիար Մարտիկ Պօղոսեանի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւնը, որ վերջին օրերուն երեւելի դարձած տեսանիւթերու ու նաեւ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտին առընթեր կարեւորագոյն շեշտադրում պէտք է համարել։
Խնդիրը Լիբանանի մէջ միայն հայկական շրջաններուն չի վերաբերիր, այլ ունի խորունկ արմատներ եւ խորքային պատճառներ։
Խօսքը Պուրճ Համուտի կամ այլ շրջաններու մէջ բնակող սուրիացի փախստականներուն մասին , որոնք կ՚ենթարկուին հալածանքի, կարգ մը պարագաներու ծեծի եւ անուանարկումի ու ցեղապաշտական խօսքերու թիրախ կը դառնան։ Եւ այս թիրախ դառնալը անշուշտ աւելիով հրահրուեցաւ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան մէկ պատասխանատուին սպանութեան դէպքէն անմիջապէս յետոյ։
Հրաբորբ վիճակը շարունակուեցաւ եւ կարգ մը «տաք գլուխներ» տակաւին կը շարունակեն ասպարէզ կարդալ ընդդէմ շատ մը պարագաներու եղածներուն հետ կապ չունեցող անզէն սուրիացիներուն դէմ։
Հաղորդագրութիւնը (հրապարակուած արաբերէնով) լոյս կը սփռէ ստեղծուած դրութեան վրայ յորդորելով հասարակութիւնը ըլլալ սառնասիրտ եւ մանաւանդ հեռու մնալ յաւելեալ լարումներու երթալէ։
Ի հարկէ Պուրճ Համուտի վիճակին առընթեր ոչ միշտ է, որ սուրիացիները դրական դերով երեւցած են, բայց այդ մասին ըսելը, խօսիլը կամ գործի անցնիլը չի նշանակեր, որ պէտք է ստեղծուին բախումնային վիճակներ։
Փախստական են, եկած են Լիբանան (ու նոր չէ որ եկած են) կ՚աշխատին ու կ՚ապրին, սակայն անոնց իրաւական թուղթերով ըլլալ-չըլլալու հարցը, ապօրինութիւնները, կամ զիրենք իրենց տուներէն կամ խանութներէն վտարելու սպառնալիքը ինքնին հակապետական արարք է, այնքան ատեն, որ կան պետական-իրաւական հիմնարկներ, որոնց ուսերուն կ՚իյնայ այդ բոլորը։
Գիտեմ, այս առումով ալ Պուրճ Համուտ աւանը շատ-շատերու «աչքի փուշ»ն է, ու ատոր համար է նաեւ, որ այս օրերուն ներքին լարում ստեղծելու ճիգ կ՚իրականացուի...
Միշտ ալ այդպէս եղած է, մօտիկ անցեալին ալ եղած են նման դէպքեր, վաղն ալ չի բացառուիր, որ ըլլան դէպքեր ...
Ու այս բոլորը նշելէ ետք հարկ է անշուշտ վերադառնալ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ուր հուր ու կրակի տակ Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Պէտէւիի, Էշրէֆիէյի կամ աւելի հեռու Զալքայի, Անթիլիասի կամ Նագգաշի ու Այնճարի հայկական բնակավայրերու հայութեան անվտանգութիւնը ապահովուեցաւ ու այսօր ալ կ՚ապահովուի ու պիտի ապահովուի։
Մարդիկ պիտի փորձեն «պղտոր» կամ մաքուր ջուրի մէջ ձուկ որսալ ու միաւորներ կուտակել եւ անոնք պիտի բախին լիբանանահայութեան (գլխաւորութեամբ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի) միակամ ոչին...։
Ի հարկէ գրառումը միայն իրավիճակը ծանօթացնելու միտումով չէ, որ կը կատարուի, այլ նաեւ ըսելու եւ հաստատելու, որ Պուրճ Համուտը սփիւռքի հայութեան անօրինակ սիրտն է ու արիւնատար երակը եւ զայն պէտք է պահպանել աչքի լոյսի պէս։
Միշտ ըսած եմ եւ հիմա ալ կրկնելու գնով կ՚ըսեմ, որ Պուրճ Համուտը, Այնճարը, Հալէպը, Քեսապը հայութեան համար իսկական պարիսպներ են, եւ անոնք մեր աշխարհատարած գոյութեան, մեր հպարատնքի , մեր պայքարի ու գալիք պայքարներու արգանդներն են։
Հետեւաբար շնորհակալութիւն մը, բոլոր անոնց, որ հակառակ ամէն տեսակի «զրկանք»ներու կը շարունակեն ամուր պահել մեր պարիսպները ու այդ կարեւոր պարիսպներէն մին է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, իր քաղաքապետով, անձնակազմով եւ անոր յարակից մարմիններու, միութիւններու ամբողջ կազմերով։
Հասկացողաց բարեւ։
Յ.Գ. Վերջին օրերու զարգացումներուն մասին յաւելեալ լոյս սփռելու համար կ՚առաջարկեմ դիտէք երէկ հրապարակուած տեսանիւթս (Մեկնաբանութեանց մէջ)