Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթին մէջ քննուող քրէական գործի շրջածիրէն ներս, 17 Օգոստոսին, ձերբակալուած են Գորիսի փոխհամայնքապետեր Մենուա Յովսէփեանը եւ Իրինա Եոլեանը։ Այս մասին տեղեկացուցած են Քննչական կոմիտէէն։
Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է առանձնապէս խոշոր չափի իւրացում կամ վատնում կատարելու համար:
Մենուա Յովսէփեանը կը մեղադրուի նաեւ ծառայողական կամ այլ կապուածութիւն, ինչպէս նաեւ պաշտօնական դիրքն օգտագործելով նախընտրական քարոզչութեան մասնակցելուն կամ նախընտրական քարոզչութեան մասնակցելէ հրաժարելուն հարկադրելը կամ նախընտրական քարոզչութեան մասնակցելուն խոչընդոտելու համար:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ