Մէկ ամսուայ մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով լիբանանցի քաղաքացիներ դրամատուներ կը ներխուժեն եւ բռնի ուժ օգտագործելու սպառնալիքով կը փորձեն դրամատուներուն մէջ պահ դրուած իրենց գումարներուն տիրանալու։
«Մենք այս գումարները կաթիլ-կաթիլ հաւաքած ենք ու այսօր մատնուած ենք դժուար վիճակի մէջ».այս խօսքերը այսօր լսելի դարձան լիբանանցի երիտասարդուհի Սալի Հաֆէզի բերնէն, երբ ան ատրճանակ մը բարձրաձնելով մուտք գործած է Պէյրութի «Սոտիքո» շրջանի BLOM դրամատունը եւ դրամատան պատասխանատուներէն պահանջած է իր գումարները։ Բաւական մեծ լարումէ ետք երիտասարդուհին կարողացած է ստանալ 20.000 ամն տոլարի հասնող իր աւանդը ու ապա իրեն ընկերացողներուն հետ հեռացած դէպքի վայրէն։
Սալի, որ կարճ զրոյց մը տուած Al Jadeed կայանին ըսած է, որ ինք այս քայլին դիմած է փրկելու համար իր քրոջ կեանքը, որ քաղցկեղով հիւանդ է, եւ նիւթական պատճառներով անոր շտապօրէն բուժուելու խնդիրը կը ձգձգուի։
Նշենք նաեւ, որ Սալէիի դէպքէն բացի եւ համարեայ նոյն ժամերուն նոյնանման այլ դէպք մը եւս գրանցուած է եւ քաղաքացին դրամատուն մը մուտք գործելով եւ բռնի ուժով սպառնալով կարողացած է ձեռք ձգել 30.000 ամն տոլարի գումար մը։
Լուրը համադրաբար ՝ լիբանանեան լրասփիւռներու եւ «Արեւելք»ի
Այսօր Լիբանանցիներու մեծ տոկոսը առողջական լուրջ խնդիրներու առջեւ է ու բուժման համար պարագաները այդքան բարդ են, որ ստիպուած կ՚ըլլայ այսպիսի «ցնորամիտ» քայլերու երթալու։ Երկիր մը, որ «Մերձաւոր Արեւելքի հիւանդանոց»ն էր, կամաց կամաց այլ բանի սկսած է վերածուիլ։ pic.twitter.com/PQLv0Tc3Rg
— SamuelFine1 (@SakoArian) September 14, 2022