image

Դրամալուացման յօդուածով մեղադրանք՝ Վաչական Ղազարեանի դէմ

Դրամալուացման յօդուածով մեղադրանք՝ Վաչական Ղազարեանի դէմ

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչագան Ղազարեանը կը մեղադրուի փողերու լուացման մէջ: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է անոր փաստաբան Մհեր Յակոբեանը:

Ան նշած է, որ Վաչագան Ղազարեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր:

Մհեր Յակոբեանն ըսած է, որ դատարանի կողմէ անոր կալանաւորելու հիմքը գործի քննութեան խոչընդոտելու վեանգն է: Փաստաբանները համաձայն չեն դատարանի որոշման հետ, եւ կը պատրաստուին բողոքարկել այն:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Վաչագան Ղազարեանին Հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) դատարանը կալանաւորելու մասին որոշում կայացուցած է: