image

Դպրութեան աստիճանի տուչութիւն Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Դպրութեան աստիճանի տուչութիւն Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Իրաքի մէջ, օրերս, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է  հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նշելու համար նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման առաջին ամեակը։ Այս առթիւ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան, Իրաքահայ Թեմի Առաջնորդ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով ութը պատանիներու դպրութեան աստիճանի տուչութիւն կատարած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։

Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Հինգշաբթի,  Մայիս 15ին Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ  հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նշելու համար նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման առաջին ամեակը։

Այս առիթով   Սրբազան Հայրը,  Իրաքահայ Թեմի Առաջնորդ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով ութը պատանիներու դպրութեան աստիճանի տուչութիւն կատարեց։ Յաջորդաբար, եկեղեցւոյ երգչախումբը ներկայացուց հոգեւոր երգեր եւ շարականներ, այնուհետեւ կատարուեցաւ տեսահոլովակի ցուցադրում։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց դպիրները և քաջալերեց զանոնք ամենայն նուիրուածութեամբ ծառայելու մեր Մայրենի եկեղեցւոյն, որմէ ետք վկայականներ ու Նոր Կտակարան նուիրեց անոնց։ Հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղան արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանը և արժ. Տ Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը ինչպէս նաև Զախոյի, Հաւրէզքի, Աւզրուկի, Տհոքի թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ