image
Հրատապ լուրեր:

Դիմադրութիւն բոլոր ճակատներով. Համակարգողը Իշխան Սաղաթէլեանն է

Դիմադրութիւն բոլոր ճակատներով. Համակարգողը Իշխան Սաղաթէլեանն է

Այս օրերուն կարեւոր գործընթացներ տեղի կ'ունենան ընդդիմադիր դաշտին մէջ. Աշխատանքները կը համակարգէ Իշխան Սաղաթէլեանը, որ աշխոյժ հանդիպումներ կ'իրականացնէ քաղաքական դաշտի դերակատարներու հետ:

Սակայն այս անգամ խօսքը ոչ թէ քննարկումներու, այլ գործի բաժանման մասին է: Բոլորին յստակ կ'ըսուին ընելիքները եւ ամէն մէկը կ'որոշէ սպասուելիք գործընթացներուն մէջ իր մասնակցութեան ձեւաչափը:

Ըստ տեղեկութիւններու, ընդդիմադիր ամենամեծ ուժը որդեգրած է քննադատութիւններուն քիչ մը աւելի երկար դիմանալու, սակայն արդիւնաւէտ ծրագիր ներկայացնելու գործելաոճը:

Աղբիւրները կը յայտնեն, որ շուտով ընդդիմադիրները հանդէս պիտի գան յստակ կոչով, սակայն մինչեւ յայտարարութիւնը շատ կարեւոր նախապատրաստական աշխատանքներ կան, որոնք պէտք է իրականացուին, որպէսզի պայքարը յաջողի:

Կը ձեւաւորուի դիմադրութիւն բոլոր ճակատներով: