Ներկայիս կը մշակուի Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ հանդիպման կազմակերպման հնարաւորութիւնը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՌԴ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը:
Պոկտանով յիշեցուցած է, որ դեկտեմբերի վերջին Մոսկուայի մէջ կայացած է ՌԴ-ի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը:
«Բանակցային գործընթացին միանալու ցանկութիւն յայտնած է նաեւ Իրանը։ Հաշուի առնելով մէկ կողմէն Թեհրանը Դամասկոսի, միւս կողմէն՝ Անգարայի հետ կապող յարաբերութիւններու բնոյթը, ինչպէս նաեւ Իրանի տարածաշրջանային դերը, անոր կառուցողական մասնակցութիւնը «Աստանայի ձեւաչափ»ին, որ կը մնայ սուրիական կարգաւորման միջազգային աջակցութեան միակ արդիւնաւէտ գործիքը, մենք աջակցեցանք հարցի նման ձեւակերպման։ Գլխաւորն այն է, որ անոր համաձայնած են սուրիական եւ թրքական կողմերը։ Ներկայիս կը մշակուին Իրանի մասնակցութեամբ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու մակարդակով քառակողմ հանդիպման կազմակերպման եղանակները»,- ըսած է Պոկտանովը։
«Ուժայիններու եւ դիւանագէտներու այս բոլոր շփումները կոչուած են պայմաններ նախապատրաստելու տարբեր մակարդակներու վրայ սուրիա-թրքական բանակցութիւններու համար։ Կը ցանկամ ընդգծել, որ խօսքը բանակցային գործընթացի մասին է, որու ընթացքին հնարաւոր պայմանաւորուածութիւնները կը բիւրեղացուին»,- ըսած է ան։