Երուսաղէմէն բարի լուր ստացանք։
Կատարուած է Եուրա Տուրպիաշւիլիի ընդ Շողիկ Շահանեանի պսակադրութեան խորհուրդը եւ այն տեղի ունեցած է Երուսաղէմի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։
Կը նշուի, որ հարսը՝ Շողիկ, դուստրն է Պօղոս եւ Նելլի Շահանեաններուն, որոնք Երուսաղէմի հայկական համայնքի սիրուած եւ յարգուած անդամներէն են։
Սուրբ Խորանին առջեւ ուխտ կատարած մեր հայրենակիցները որոշած են իրենց կեանքը շարունակել Իսրայէլի մէջ եւ անոնք պիտի հաստատուած Հայֆայի մէջ։
Նշենք նաեւ, որ ծնունդով երուսաղէմցի Շողիկ ՀԵԸ-ի անդամներէն է եւ ան միշտ ալ մասնակից դարձած է գաղութային գործունէութեան, մինչ Եուրան կու գայ Վրաստանէն (Թիֆլիսէն) եւ ան վերջին տարիներուն հաստատուած է Իսրայէլի մէջ։