Ամերիկահայ ազգանուէր Մայք Սարեանի դէպի Հայաստան ու Արցախ առողջապահական սարքեր ուղարկելու թեման նորութիւն մը չէ։Մտահոգիչն այն է, որ Սարեան իր ունեցած վերջին տուեալները հրապարակած է այն մասին, որ ունի տեղեկութիւններ, թէ իր նուիրաբերած սարքեր թաքուն հանգամանքներու տակ վաճառուած են ու անոնց ճակատագրին մասին ոչ մէկ տուեալ կայ։
Աւելի վաղ «Արեւելք» այդ մասին երկու լրատւութիւն կատարեց, որ սեւով ճերմակի վրայ կը ներկայացուէր Սարեանի ունեցած կասկածը, հետեւաբար նաեւ մտահոգութիւնը իր կատարած նուիրատուութեան ճակատագրին վերաբերեալ։
Ճիշդ է, որ Հայաստանի առողջապահական մարմիններ արձագանգեցին այս թեմային, սակայն դարձեալ ըստ Սարեանին, մինչեւ հիմա յստակ եւ ճիշդ պատասխաններ չեն տրուած։
Աւելի յստակ դարձնելու համար մեր հայրենակիցին կատարած ազգանուէր ծառայութեան իրական ծաւալները մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սարեանի գործընկեր՝ Միսակ Քէլէշեանի այս մասին կատարած գրառումը։
Նշենք նաեւ, որ գրառումը կատարուած է անգլերէնով եւ այն թարգմանաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցող հասարակութեան։
Ստորեւ գրառումը՝
«Մեր եղբայր, դուք համեստ անձ մը ըլլալով, մանրամասն չէք ըսած այն ինչ որ իրականութեան մէջ ըրած էք, ես կ'ուզեմ յստակացնել կարգ մը կէտեր ձեր նուիրատուութիւններուն վերաբերեալ, որովհետեւ ես կազմակերպած եմ անոնց առաքումները դէպի Հայաստան։
Մայք Սարեան լուռ ու մունջ միշտ նուիրած է բազմաթիւ բժշկական սարքեր զանազան կազմակերպութիւններու միջոցաւ: 2017-2018 թուականներուն երկու մեծ ծաւալի բեռներ ղրկուած են հայկական-արցախեան բանակին, ինչպէս նաեւ Առողջապահութեան նախարարութեան, ընդհանուր 8-ը մեծ բեռնարկղներ 102.873 քկ. կշիռքով:
Առաջին առաքումը տեղի ունեցած է 9 Հոկտեմբեր, 2017-ին «Լոյս» հիմնադրամի միջոցաւ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրով: Ուղարկուած են 4 մեծ բեռնարկղներ, բեռնուած Միացեալ Նահանգներու մեր հիւանդանոցներուն մէջ օգտագործուող արդիական սարքերով, ինչպէս օրինակ՝ այրուածքներ բուժող թթուածինով օժտուած յատուկ «սենեակներ», շարժական X-Ray-ով, հիւանդը դիտարկող սարքեր, անզգայացնող սարքեր, օդափոխիչներ, նորածիններու ջեռուցիչ համակարգեր, արեան կազի քննող գոծիքներ, C-arm X-ray, մէզ քննելու գործիքներ, հիւանդներու յատուկ վերելակներ, նաեւ առողջապահական պարագաներ՝ վիրակապեր, վիրաբուժական ձեռնոցներ, գերձայնային հետազօտութեան համակարգեր եւ այլ տեսակի սարքեր:
Նաեւ իւրաքանչիւր բժշկական սարքի կից ուղարկուած է բաւական մեծ թիւով պահեստամասեր, նորոգութեան կարիք ըլլալու պարագային: Իւրաքանչիւր սարքին հետ կան ցուցմունքներու տետրը, օգնելու հաւաքող ու նորոգող մասնագէտին:
Ոչ միայն բեռնարկղները, այլ նաեւ փոխադրութեան ծախսերը կանխավճարուած են դարձեալ Մայք Սարեանի կողմէ: Ան նոյնիսկ անձամբ կապ հաստատած էր «Medline» ընկերութեան արտադրութիւններու նախագահին հետ խնդրելով, որ երկու բեռնատար շտապ հասնի հայկական բանակին, մատակարարելու առողջապահական պարագաներ՝ ինչպէս բժշկական ձեռնոցներ զանազան չափերու, օճառներ, հականեխիչներ, թաշկինակներ եւ այլ մաքրութեան պարագաներ։
Երկրորդ առաքումը տեղի ունեցած է 19 Ապրիլ, 2018-ին, SNCO-ի (Հանրապետական կեդրոն մարդասիրական օգնութեան) միջոցաւ, Նիկոլ Փաշինեանի վարապետութեան օրով ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան: 4 մեծ բեռնարկղներ, բեռնուած՝ Միացեալ Նահանգներու մեր հիւանդանոցներուն մէջ օգտագործուող արդիական սարքերով: Նկատի ունենալով, որ ապագային այս սարքերը կրնան խանգարուիլ եւ կարիք ունենան նորոգութեան, ղրկուած են նաեւ պահեստամասեր նոյն ապրանքանիշէն:
Մեր նպատակն էր, բժշկական սարքերը հայթայթել ի մասնաւորի մարզերու հիւանդանոցներուն եւ բժշկական կեդրոններուն: Երեւանի մէջ կան երեք-չորս մասնագիտական արդիական գործիքներով համալրուած սեփական հիւանդանոցներ, սակայն երկրի մնացեալ մասերու հիւանդանոցները տակաւին կը կրեն խորհրդային ժամանակաշրջանի ոճը եւ կարիքը ունին վերանորոգման, ու նոր բժշկական սարքերու:
Խորհրդային շրջանի նախագիծերը միշտ կեդրոնացած էին գլխաւոր կեդրոններու մէջ: Այս քանակի առողջապահական ու բժշկական սարքեր Հայաստանին ու Արցախին անվճար տրամադրելու նպատակն էր, օգնել քաղաքացիներուն, որպէսզի չերթեւեկեն Գիւմրիի, Սիւնիքի կամ Լոռիի մարզերէն մինչեւ կեդրոնական բժշկական դարմանատուները ստանալու հիմնական բժշկական ծառայութիւններ: Պրն. Սարեանը միշտ ալ կարեւորած է, որ առողջապահական սարքերը ուղարկուին դէպի հեռաւոր շրջաններ, որպէսզի մեր հայրենակիցները որեւէ պարագայի տագնապի չմատնուին եւ այս մասին ալ կը խօսուէր Հայաստանի եւ Արցախի պատկան մարմիններուն։
Երկրորդ առաքման սարքերէն կարելի է յիշել՝ համակարգիչներ, դիտարկման գործիքներ, ճնշումը չափող գործիքներ, Մամոկրաֆի, գերձայնային հետազօտութեան, եւ շնչառական սարքեր, ականջ զննելու գործիք, սրտի եւ ուղեղի ելեկտրականութիւնը զննող գործիքներ, քիմիական տարրալուծարան, վիրաբուժական սեղան, օդափոխիչներ, մահճակալներ, սայլեր, հիւանդներու յատուկ վերելակներ, եւ այլ շատ արդիական բժշկական սարքեր:
Երբ անվճար փոխադրութիւնը ապահովուած էր Մայք Սարեանի կողմէ, ուզեցինք այնպէս սեղմ տեղաւորել ամէն ինչ որ անկարելի ըլլայ սարքերու տեղաշարժը: Եւ այսպիսով 8 մեծ բեռնարկղներ 102.873 քիլոնոց հասան Երեւան:
Երբ հոկտեմբեր- նոյեմբեր 2018-ին այցելած էինք Հայաստան ու Արցախ եւ հանդիպում ունեցած վարչապետ Փաշինեանի եւ Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեանին հետ, նաեւ այցելած էինք տասնեակ հիւանդանոցներ, Մայք առաջարկեց ձրի առցանց հեռավար ուսուցում՝ բժշկական անձնակազմերուն ներկայացնելու առողջապահութեան ոլորտի վերջին տուեալները: Ան, որպէս նախագահ, միլիոնաւոր տոլարներ վճարած էր ԱՄՆ-ի 15 տարբեր նահանգներու մեր 45 հիւանդանոցներու ձեռքբերման համար եւ դիմեց ԱՄՆ-ի առողջապահութեան մօտ մեր 40,000 աշխատակիցներուն»։