Իսրայէլի 12-րդ ալիքի կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ իսրայէլացի պահեստազօրային սպայ Իսհաք Պրիք (զինուորներու բողոքներու նախկին յանձնակատար) քննադատած է իսրայէլեան բանակին զգայունութիւնը մարդկային կորուստներուն նկատմամբ եւ անոր ազդեցութիւնը ապահովական եւ զինուորական որոշումներուն վրայ՝ որոշում կայացնողներուն կողմէ, որ թարգմանուեցաւ «ցամաքային զօրքերուն նկատմամբ անտարբերութեամբ եւ իսրայէլեան բանակին վերափոխումով այնպիսի զօրքի, որ իր մարտերուն մէջ կ'ապաւինի օդային ուժերուն»:
Պրիք, որ ահազանգ հնչեցուց իսրայէլացի զինուորներուն` իրենց ղեկավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցնելու վտանգաւոր երեւոյթին մասին, որպէս նշան իսրայէլեան բանակի շարքերուն մէջ մարտական ոգիի նուազման, եզրակացուց, որ բանակը պատրաստ չէ կռուելու, հիմնուելով այն զեկոյցներուն վրայ, որ ինք հրապարակած էրէ, երբ բանակին մէջ զինուորներու բողոքներու յանձնակատարն էր:
Պահեստազօրային սպայ Իսհաք Պրիք իր յօդուածին մէջ կեդրոնացած է ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ մարդկային կորուստներու իսրայէլեան վախին վրայ, նշելով որ «ցաւօք սրտի, այսօր մենք ականատես կ'ըլլանք ուղղուածութեան շեղումի: Գինը վճարելու մեծ վախ կայ. ապահովական եւ քաղաքական մակարդակի որոշումները չեն ընդունուիր Իսրայէլի անվտանգութեան իրական կարիքներուն համապատասխան», այլ ըստ մարդկային կորուստներուն համար վճարուած գիրներուն: Այս է հիմնական սկզբունքը ռազմական գործողութեան երթալու ապահովական եւ քաղաքական որոշման մակարդակին մէջ: Այդ որոշումներուն մէջ իշխող չափանիշը կը կայանայ ակնկալուած մարդկային կորուստներուն մէջ, այլ ոչ թէ «մեր անվտանգութեան եւ զսպման պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութեան արժէքին ու անհրաժեշտութեան մէջ»:
Պրիք խօսեցաւ այն մասին, որ Իսրայէլը այսօր ականատես կ'ըլլայ երկրի ցամաքային թեւի լուրջ վատթարացման, որովհետեւ իր զինուորներն ու սպաները կը զգան, որ անվտանգութեան եւ զինուորական մակարդակը իրենցմէ կախուած չէ եւ անհրաժեշտութեան պարագային իրենց չ'օգտագործեր: Պրիք մէջբերած է նաեւ անոնց խօսքը, թէ »իսրայէլեան բանակին գլխաւոր հրամանատարութեան համար զօրքը օդային, հետազօտական ու կիպեր ուժերն են»:
Պրիք ահազանգ հնչեցուցած է Իսրայէլի բանակի հրամանատարներութեան առջեւ` ըսելով, որ «բանակը կորսնցուցած է բազմաթիւ զէնքերով կռուելու ունակութիւնը» եւ վերածուած է օդուժի միաչափ բանակի, որ միայնակ չի կրնար յաղթել պատերազմին մէջ: