Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններուն, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտըլ Լահեան ընդգծած է, որ «Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան երկու մեծ եւ ազդեցիկ երկիրներ են տարածաշրջանին մէջ, եւ Թեհրանը ամբողջութեամբ չէ խզած դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ռիատի հետ»:
Իրանցի նախարարը նշած է, որ իր երկրին եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ վերջին բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, յայտարարելով, որ ինք կ'ողջունէ երկկողմ յարաբերութիւնները բնական վիճակին վերադարձնելը:
Ապտըլ Լահեան նշած է, որ եթէ Ռիատ աւելի շատ շարժի, յարաբերութիւնները այնուհետեւ բնականին պիտի վերադառնան նորմալ: Ան նշեց, որ հաւանական է հանդիպի իր սէուտցի գործընկեր Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ երրորդ երկրի մէջ:
Տաւոսի համաշխարհային համագումարին իր մասնակցութեան ժամանակ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Թագաւորութեան եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին մէջ մենք կը կեդրոնանանք անվտանգութեան եւ համագործակցութեան վրայ հիմնուած ապագայի վրայ, եւ մեր ձեռքերը բաց են Իրանի եւ բոլոր երկիրներուն համար»:
Սէուտական Արաբիոյ նախարարը յայտնեց, որ «Իրանի հետ որոշակի յառաջընթաց ձեռք բերուած է, բայց ոչ-բաւարար չափով, յայտարարելով «համագործակցութեան նոր դարաշրջանի սկիզբը, որ կը բխի բոլորին շահերէն»: