image

Բախումներ Գալիլիոյ մէջ. Կան տասնեակ տուժածներ

Բախումներ Գալիլիոյ մէջ. Կան տասնեակ տուժածներ

Տասնեակ պաղեստինցիներ վիրաւորուած են գրաւեալ Արեւմտեան ափի Խալիլ նահանգին մէջ իսրայէլցիներու եւ զինեալներու գործած յարձակումներուն հետեւանքով:

Արուպ ճամբարին մէջ երեխայ մը ծանր վիրաւորուած է զինուորներու հրաձգութենէն եւ հիւանդանոց փոխադրուած է:

Պաղեստինեան մամուլի աղբիւրները կը յայտնեն, որ ականատեսներ նշած են, որ իսրայէլցի դիպուկահարները տեղակայուած են Արուպ ճամբարի Ժաուապրա թաղամասին մէջ՝ երիտասարդները թիրախաւորելու համար:

Եաթայի եւ Թաուանայի մէջ տասնեակ պաղեստինցիներ վիրաւորուած են իսրայէլցիներու կողմէ համայնքներու վրայ իրականացուած յարձակման ժամանակ, որու ընթացքին վերջիններս փճացուցած են շարք մը ինքնաշարժներ եւ վնասած են բերքը:

Կը նշուի, որ իսրայէլցիներուն պաշտպանութիւն տրամադրող զինեալ ուժերը ձայնային եւ կազային ռումբեր արձակած են քաղաքայիններուն ուղղութեամբ, որու հետեւանքով տասնեակ մարդիկ շնչահեղձ եղած են: