image

Բագրատունի այցելեց նախագահ Աունի

Բագրատունի այցելեց  նախագահ Աունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահական պալատէն մեկնումի ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը սերտէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող տուեալներն ու մանրամասնութիւնները` ճշդել կարենալու համար իր կեցուածքներն ու ընտրանքները: