Ազրպէյճան- Ազրպէյճանցի լրագրող Րասիմ Ալիեւ ծեծի ենթարկուելէ ետք մահացած է: Այս մասին գրած է Haqqin.az կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ալիեւ ծեծի ենթարկուած է Ֆութպոլիստի մը մասին Ֆէյսպուքեան գրառում մը կատարելէ ետք: Ֆութպոլիստին ազգականները ծանր ծեծի ենթարկած են զինք եւ ան հիւանդանոցին մէջ բուժումներ ստանալու ընթացքին կնքած է իր մահկանացուն: