image

Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը մասնակցած է ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական գարնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն

Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը մասնակցած է ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական գարնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն

24-27 Մայիսին, Սոֆիայի մէջ կ'ընթանան ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի աշխատանքները: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովէն:

ՀՀ ԱԺ պատուիրակութիւնը ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի ղեկավարութեամբ նոյնպէս կը մասնակցի խորհրդարանական վեհաժողովի ամենամեայ նստաշրջանին:

Ա. Քոչարեան եւ պատուիրակութեան անդամներ՝ պատգամաւորներ Վահագն Ալեքսանեան եւ Արուսեակ Ջուլհակեան կը մասնակցին Տնտեսական եւ անվտանգութեան հարցերու, Քաղաքական, գիտութեան եւ ճարտարագիտական, Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու նիստերուն:

ՆԱԹՕ-ի ԽՎ նիստերուն ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան հետ կը մասնակցի նաեւ Հիւսիսատլանտեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեան: