Օրերս Լիբանանի Այնճար հայաւանէն տխուր լուր ստացանք։
Անակնկալ մահով իր աչքերը յաւերժին փակած է փոքրիկն Արին Քիւսպէքեանը։
Այս առթիւ Այնճարի «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»ի տնօրէնութիւնը հրապարակած է հակիրճ մահագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլէճի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կը գուժեն երրորդ դասարանի աշակերտուհի՝ Արին Քիւսպէքեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ այսօր՝ Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերին։ Վարժարանս սուգի մէջ է եւ փակ է վաղը՝ Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբերին։ Վարժարանիս մեծ ընտանիքը՝ խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, հանգուցեալի կրտսեր եւ երէց բոլոր դասընկերները ցաւակից են Արինին ծնողքին, եղբօր եւ հարազատներուն, ցանկալով գտնել համբերութիւն, մխիթարութիւն եւ կորով։
Նշենք, որ փոքրիկն Արինի մահուան առթիւ վարժարանը իր դռները փակած է հինգշաբթի օր։
Նոյն առումով փոքրիկ հրեշտակին ծնողներու կարգադրութեամբ հրապարակուած է մահազդ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Մահազդ
Տէր եւ Տիկին Սահակ Քիւսպէքեան եւ զաւակը՝ Անդօ
Տիկին Իսկուհի Քիւսպէքեան
Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ Քիւսպէքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Անտրէ Քապպաս եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Դաւիթ Ճլքեան եւ զաւակունք
Քիւսպէքեան, Ճլքեան, Քապպաս ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն փոքրիկն՝ Արին Քիւսպէքեանի (Ծնեալ 2015) մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի 18 Հոկտեմբեր, 2023-ին։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի 19 Հոկտեմբեր, 2023-ին, կ.ե. ժամը 2:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին եկեղեցւոյ "Գ. Կիւլպէնկեան "սրահէն ներս մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 11:00էն կ.ե. ժամը 6:00.
Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել Ազգային «Յառաջ» վարժարանին։