image

Այնճարի մէջ. Հաւատաոր Մուսալեռցի Յակոբ Հերկելեանի կորուստը

Այնճարի մէջ.  Հաւատաոր Մուսալեռցի Յակոբ Հերկելեանի կորուստը

  Նուիրուիլ հայկական օճախին, նուիրուիլ հայկական արժէքներու եւ նուիրուիլ Մուսա Լերան իսկական աւանդոյթներուն  թերեւս այս բառերով է, որ պէտք է ամփոփենք պարոն Յակոբի անցած ճանապարհը։ 

Օրերս Լիբանանի Այնճար հայաւանէն տխուր լուր ստացանք։

Մահացած է գիւղի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Յակոբ Հերկելեանի։

 

Հանգուցեալը զօդուած էր գիւղի կեանքին եւ կը համարուի այն սերունդի անդամ, որոնց արիւն-քրտինքով մէջտեղ եկաւ հայկական Այնճար գիւղը, զարգանալով եւ ստանալով այսօրուան  շէնշող պատկերը։ 

 Յակոբ Հերկելեան անոնցմէ էր, որոնց համար  հայերէն  լեզուին կողքին գերակշռող մնաց Մուսա Լերան հարազատ բարբառը եւ այդպիսով էր նաեւ, որ ան կը փորձէր ամուր պահել իր կապը  իր նախնեաց հետ։ Ազնիւ, բարեացակամ, ծարաւ մարդուն ջուր տուող, պարզ ու  անկեղծ հայ գիւղացիի կերպարը մարմնաւորող Հերկելեան եղաւ ընտանիքի նուիրեալ հայր ու հասցուց նուիրական սերունդի  երեք զաւակներ, որոնք բոլորն ալ կը շարունակեն իր երթը։

 Նուիրուիլ հայկական օճախին, նուիրուիլ հայկական արժէքներու եւ նուիրուիլ Մուսա Լերան իսկական աւանդոյթներուն  թերեւս այս բառերով է, որ պէտք է ամփոփենք պարոն Յակոբի անցած ճանապարհը։ 

  Յիշեցնենք, որ Յակոբ Հերկելեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ թաղման  արարողութիւնը   կատարուեցան հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2023-ին, Այնճարի «Սբ. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի ազգային գերեզմանատուն։

 Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, ի մասնաւորի  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երէց միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանին, ինչպէս նաեւ որդիներուն՝ Խաժակին եւ Ցոլակին, ինչպէս նաեւ դստեր Թամարին եւ ամուսնոյն Գէորգ Թասլաքեանին։