Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը խօսած է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին եւ կրկին ԱՄՆ-ն մեղադրած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն օժանդակելու համար:
«Ի՞նչ կը կատարուի մեր հարաւային սահմաններուն. ԱՄՆ ռազմախարիսխները տեղակայուած են հարեւան երկրի զգալի հատուածին մէջ։ Կան նաըւ ռուսական խարիսխներ։ Միաժամանակ ամերիկացիները աշխուժօրէն կ'աջակցին ահաբեկիչներուն։ Ի հարկէ, Անգարան չի կրնար անտեսել այս բոլոր գործընթացները», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը։
Էրտողանի խօսքով, ինքը Սուրիոյ հարցը բարձրացուցած է նաեւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ անձնական հանդիպման ժամանակ։
«Մեզի կ'ըսեն, որ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն չկայ, եւ շուտով ուժերը դուրս պիտի բերուին Սուրիայէն։ Սա, ի հարկէ, ճիշդ չէ։ Ռուսաստանը նոյնպէս ուժերը դուրս չի բերեր Սուրիայէն: Եթէ Մոսկուան այսօր հրաժարի Սուրիոյ հարցին մէջ իր դիրքորոշումէն, ապա Պաշշար Ասատի վարչակարգը չի դիմանար», ընդգծած է Էրտողան։