Զօրավարժութիւններուն նպատակն է համախմբել անվտանգութիւնն ու անոր հիմնասիւները տարածաշրջանին մէջ, ընդլայնել երեք երկիրներու միջեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը, համաշխարհային խաղաղութեան եւ ծովային անվտանգության համատեղ աջակցութեան ճանապարհին երեք երկրիներուն բարի կամքն ու կարողութիւնը դրսեւորել, եւ ստեղծել ծովային ընտանիք՝ միասնական ապագայով։
Այսօր առաւօտեան Հնդկական ովկիանոսի հիւսիսը մեկնարկած էին «Ծովային անվտանգութեան գօտի 2022» զօրավարժութիւնները՝ Իրանի, Չինաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերու վերգետնեայ եւ օդային ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ։
Իրանեան ռազմածովային ուժերու խօսնակ, գնդապետ Մուսթաֆա Թաժ ալ Տինի նշած է, որ սա Իրանի, Ռուսաստանի եւ Չինաստանի մասնակցութեամբ երրորդ զօրավարժութիւնն է եւ պիտի շարունակուի ապագային, յաւելելով. ««Ծովային անվտանգութեան գօտի 2022» զօրավարժութիւնները տեղի կ'ունենան «Միասին յանուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան» կարգախօսի ներքոյ, 17000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ուղերձով»։
Իրանի խօսնակը բացատրած է, որ զօրավարժութիւններուն նպատակն է «համախմբել անվտանգութիւնն ու անոր հիմնասիւները տարածաշրջանին մէջ, ընդլայնել երեք երկիրներու միջեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը, համաշխարհային խաղաղութեան եւ ծովային անվտանգության համատեղ աջակցութեան ճանապարհին երեք երկրիներուն բարի կամքն ու կարողութիւնը դրսեւորել, եւ ստեղծել ծովային ընտանիք՝ միասնական ապագայով»։
Ռազմածովային գնդապետ Մերթակ ալ Տինի յայտնած է, որ զօրավարժութիւններու ընթացքին տեղի կ'ունենան տարբեր մարտավարական վարժանքներ՝ փրկել հրդեհի ենթարկուած նաւեր, ազատագրել առեւանգուած նաւեր, կրակել ճշգրիտ թիրախներու վրայ, գիշերը կրակել օդային թիրախներու վրայ եւ այլ մարտավարական ու գործառնական վարժութիւններ»:
Ան յաւելեց. «Այս զօրավարժութիւններու այլ նպատակներն են՝ բարձրացնել միջազգային ծովային առեւտուրի անվտանգութիւնը, դիմակայել ծովահէնութեան եւ ծովային ահաբեկչութեան, օգնութեան եւ փրկարարական ոլորտներու եւ մարտավարական փորձի մէջ տեղեկատուութիւն փոխանակել»:
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Օմանի ծոցին մէջ ռուս-չինական-իրանեան ռազմածովային ուժերու համատեղ զօրավարժութիւններուն աւարտը։