image

«Աւագ Ուրբաթ»

«Աւագ Ուրբաթ»

 Ան, որ խաչին վրայ մեռաւ, մեռաւ մեզի համար։ 

Մեզի համար, որպէսզի հաւատանք, եւ հաւատքը ամուր պահելով կառչինք փրկութեան յոյսին։

 

Այսօր Աւագ Ուրբաթ է։ Համայն Քրիստոնեայ աշխարհին համար սեւով երիզուած այս օրը սուգի եւ տխրութեան օր է, որովհետեւ այս օրուան աւարտին, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչը հանուելէ ետք իր վերջին շունչերը պիտի փչէ եւ կենդանութիւնէն, կեանքէն, ապրելէն ու ապրումէն փոխադրուի դէպի անէութեան, լռութեան եւ համատարած մահուան աշխարհ։

 Կէտ մը, որ մինչեւ հիմա թաքնախորհուրդ պիտի մնար, եթէ նոյն Տէրը, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մահուան դուռէն դուրս չգար, ու մահուան սուգին դէմ յաղթանակ չտանէր։

Քրիստոնէութիւնը, իր բոլոր բաղադրիչներուն մէջ, երկու տեսակի կեանքերու մասին կը խօսի։ Մին յարաշարժ, անհանգիստ եւ դառնութիւններով ու պայքարներով լեցուն մերօրեայ կեանքն է, որուն աղը ըլլալու կոչուած ենք մենք քրիստոնեաներս, եւ միւսը հանդերձեալ, մեզի չերեւցող, եւ մեզի համար անյայտ ու թաքնախորհուրդ համարուող միւս կեանքն է։ 

 Իսկ Քրիստոս այս երկու «կեանք»երու հատման կէտին վրայ կանգնած փրկիչն է, որ կը միացնէ, մեր այսօրը եւ կամուրջ կը դառնայ մեզի հասկնալու եւ մտնելու համար յաւիտենական կեանքին մէջ։

 Խորքին մէջ այդքան բարդ եւ միեւնոյն ժամանակ այնքան պարզ է Քրիստոնէական ընկալումը, որուն մասին մտածելու եւ խորհելու ժամանակ մենք կարիքն ունինք ըլլալու պարզ, երեխայի նման միամիտ ու քաղցր եւ իմաստուն մարդու նման խոհուն ու հեռատես։

 Ի՞նչ կուզէր Քրիստոս ի վերջոյ եւ ի՞նչ է անոր ներհուն պատգամը այսօր։

 Դէպի ո՞ւր կը տանի մեզ իր ուսուցումը եւ ինչ ակօսներ կը բանայ մեր ոտքերուն անոր վարդապետութիւնը։ Հարկ է այսօր, մեծ տագնապներու, պատերազմներու, մահերու, տարաժամներու եւ հիւանդութեան այս օրերուն երբ ամբողջ աշխարհը «կը տքնայ» երեւելի եւ աներեւոյթ ցաւերու գիրկին մէջ, հարկ է մտածե՞լ միւս, հեռուին մէջ մնացած, եւ հեռուն «զարդարող» հանդերձեալ կեանքին մասին։ 

 Կամ աւելի հեշտ է արդեօ՞ք, անտեսել ամբողջ գալիքը, մեծ մահերը, կորուստները, ցաւերը եւ կարօտը եւ տրուիլ այսօրուան խանդ ու ծիծաղին։

Մտածելու տեղիք է անշուշտ, բայց մտածելէն աւելին հասկնալու դրոյթ մըն է, որովհետեւ ինչպէս վերեւը նշեցինք, Քրիստոս ինք միջնորդն է մեզի։ Հարկ է անոր ձեռքէն բռնենք, հարկ է չվախնանք, հարկ է մեր սրտի պատուհանները լայն բանանք, զգալու համար ԱՆՈՐ ներկայութիւնը մեր ապրումին, մեր  արեւային ժամացոյցին, մեր պատուհանին եւ մեր կասկածոտ հոգիին մէջ։

 Ու այն ատեն, երբ լայն բանանք այդ պատուհանները պիտի հասկնանք, որ մահուան ճանապարհը ընդամէնը սկիզբն է բոլոր սկիզբներուն, որովհետեւ, ինչպէս որ գիրքին մէջ ալ նշուած է, թէ «ան որ ինծի կը հաւատայ, ապա յաւիտենական կեանքով պիտի ապրի»։

 Ու այս առաւօտ, երբ Աւագ Ուրբաթ օրուան, բոլոր տխուր շարականները երգուին, բոլոր արեւելքի հզօր մեղեդիները լռեն, եւ բոլոր ցաւատանջ մարդիկը այս մոլորակին հանդարտին, յիշենք պահ մը, որ ան մեռաւ մեզի համար, մեռաւ խաչին վրայ, որպէսզի ան, որ իրեն հաւատայ յաւիտենական կեանք ունենայ...։

 Աւագ Ուրբաթ է այսօր, աւագը եւ հզօրը բոլոր ուրբաթներուն։

Ամէն։

 

«Արեւելք»