Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է. այս մասին Ատրպէյճան այցով գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ մամուլի ասուլիսին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, հաղորդած է Trend-ը։
Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը ներկայիս կը ձեւաւորէ իր կարծիքը խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի առնչութեամբ Հայաստանի մեկնաբանութիւններու վերաբերեալ եւ մօտ ապագային այն պիտի ներկայացնէ Հայաստանին։
«Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը կարծեն, որ տարածաշրջանի հարեւանները պէտք է խաղաղ ապրին։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանը քայլեր կը ձեռնարկէ նոյն ուղղութեամբ»,-աւելցուցած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը։