image

Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ իր քայլերը. ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ

Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ իր քայլերը. ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ

24 մարտին, որպէս ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական փաստաթուղթ, հրապարակուած է ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի նամակը` ուղղուած ՄԱԿ ընդհանուր քարտուղարին` զինուած հակամարտութեան երեխաներու ներգրաւման առնչութեամբ Հայաստանի հանդէպ մեղադրանքներ պարունակող Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառած զեկոյցի առնչութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը։

Նամակին մէջ կը հերքուի ՄԱԿ-ի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած այն ապատեղեկատուութիւնը, թէ իբր Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ անչափահաս երեխաներ կը ներգրաւուին` ընդգծելով, որ կեղծիքի տարածումը ՄԱԿ-ին մէջ Ատրպէյճանին բնորոշ գործելաոճը դարձած է:

Ընդգծելով հակամարտութեան տարածքները բնակող երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան Հայաստանի յանձնառութիւնը` ՀՀ մշտական ներկայացուցիչի կողմէ նշուած է, որ Ատրպէյճան պէտք է դադրեցնէ իր իսկ դատապարտելի արարքներու մէջ Հայաստանը մեղադրելու ապարդիւն փորձերը, անոնց շարքին՝ չարաշահելը երեխաներու իրաւունքներու թեման առերեւոյթ քարոզչական նպատակներու համար, եւ անոր փոխարէն կատարէ իր իրաւական պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ կայացուած որոշումները։

Նամակը հասանելի է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքով: