image

Ատրպէյճանը միայն պաշտպանութեան համար չէ, որ սպառազինութիւն կը գնէ․ Ռուբինեան

Ատրպէյճանը միայն պաշտպանութեան համար չէ, որ սպառազինութիւն կը գնէ․ Ռուբինեան

Հայաստանը չի ռազմականացուիր, այլ կը պաշտպանէ ինքն իրեն։ Այսօր Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական ֆորումի ժամանակ այս մասին յայտարարած է ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը։

«Կարծում եմ՝ սա շատ տրամաբանական է՝ հաշուի առնելով, որ ունենք մտավախութիւններ անվտանգութեան հետ կապուած, որոնք առաջանում են Ադրբեջանի պատճառով։ Մենք չունենք ագրեսիւ պահուածք կամ ագրեսիւ մոտիւացիա մեր հարեւանների հանդէպ, մենք յարգում ենք մեր բոլոր հարեւանների տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց իրաւունք ունենք կառուցելու մեր պաշտպանութիւնը»,– ընդգծած է Ռուբինեանը։

Ան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ մեծ թիւով սպառազինութիւն ձեռք բերել տարբեր երկիրներէ։ Շեշտեց՝ հայկական կողմը գիտէ, որ Ատրպէյճանը այդ միայն պաշտպանութեան համար չըներ։