Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը յարաբերութիւնները զարգացնելու ցանկութիւն եւ ներուժ ունին, լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Նշենք, որ Ապրիլ 22-ին Մոսկուայի մէջ կայացած են բանակցութիւններ երկիրներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։
«Ատրպէյճանը մեր մեծ հարեւանն է, ընկերը, գործընկերը եւ դաշնակիցը: Եւ, իսկապէս, մենք ունինք բազմաթիւ ընդհանուր շահեր, ունինք համագործակցութեան մեծ ներուժ եւ, որ ամենակարեւորն է, մեր երկկողմ յարաբերութիւններու հարուստ աւանդոյթները: Եւ երկու կողմէն ալ կայ քաղաքական կամք՝ շարունակելու եւ զարգացնելու այդ յարաբերութիւնները ամէն կերպ»,- ըսած է Փեսքով։