image

Ատրպէյճանի մէջ զինուոր սպաննուած է

Ատրպէյճանի մէջ զինուոր  սպաննուած է

Ատրպէյճանի մէջ հրազէնի կրակոցէն սպանուած է N զօրամասի զինծառայող Էլնուր Մակերամովը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը։

Հաղորդագրութեան համաձայն, զինծառայողը մահացած է դէպքի վայրէն հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին: Դէպքի առիթով Կեանճայի (Գանձակ) զինուորական դատախազութենէն ներս քրէական գործ յարուցուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածով: