image

Ատրպէյճանի կորուստները՝ 2022 թուականին

Ատրպէյճանի կորուստները՝ 2022 թուականին

2022-ի 1 յունուարէն 31 դեկտեմբերը Razm.info մասնագիտացուած կայքին յայտնի դարձած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու եւ յարակից ուժային կառոյցներու առնուազն 149 կորուստի մասին, որոնցմէ առնուազն 81-ը սպաննուած է սեպտեմբեր 13-14-ին ՀՀ վրայ յարձակման ժամանակ։

Սեպտեմբերեան մարտերէն դուրս մեզի յայտնի 68 կորուստէն մարտական են՝ 2-ը։ Կորուստներէն առնուազն 30-ը պայմանագրային զինծառայողներ են, այդ շարքին՝ պահեստազօրի 1 գնդապետ եւ 4 փոխգնդապետ։

Ատրպէյճանի ուժային կառոյցներուն մէջ գրանցուած ինքնասպանութիւններու յայտնի թիւը 20 է, որ բաւական բարձր է նախորդ տարիներուն յայտնի դարձած ցուցանիշներէն (համեմատութեան համար. 2021թ․ գրանցուած է ինքնասպանութեան 9, 2020թ․՝ 5 դէպք)։ Covid-19-էն մահացած է 1 մայոր։

Մեր յայտնաբերած 149 կորուստէն Ատրպէյճանը պաշտօնապէս յայտարարած է միայն 140-ի մասին, իսկ մնացածներու մասին տեղեկացած ենք ատրպէյճանական ընդդիմադիր լրատուակայքերէն, ընկերային ցանցերէն։

Ատրպէյճանի ԶՈւ 2022թ. կորուստները՝ ըստ Ռազմինֆոյի (ներառեալ սեպտեմբերեան պատերազմի կորուստները).

Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանը հետեւողականօրէն կը թաքցնէ իր կորուստները (յատկապէս 2014թ․ օգոստոսեան մարտերէն ետք), անոնց մէկ մասը կը բացայայտուին ամիսներ կամ նոյնիսկ տարիներ անց (օրինակ)։ Ամենայն հաւանականութեամբ կան կորուստներ, որոնք յայտնի չեն Ռազմինֆոյին։

Աւելցնենք, որ 2021 թուականին Ռազմինֆոյին յայտնի դարձած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու եւ յարակից ուժային կառոյցներու առնուազն 78 կորուստի մասին։