image

Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ կան հարցեր, ուր միջնորդներու ներկայութիւնը պարտադիր է. ԱԳ փոխնախարար

Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ կան հարցեր, ուր միջնորդներու ներկայութիւնը պարտադիր է. ԱԳ փոխնախարար

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ կան հարցեր, ուր միջնորդներու ներկայութիւնը պարտադիր է:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք Հայաստանը կո՞ղմ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ առանց միջնորդներու հանդիպման:

«Մենք բազմիցս նշել ենք, որ կան հարցեր, որտեղ միջնորդների առկայութիւնը պարտադիր է: Կան հարցեր, որտեղ միջնորդների ներկայութիւնը շատ կարեւոր դեր ունի»,-ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Ատոնք, օրինակ, այն հարցերն են, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքներուն: Այս հարցով հայկական կողմը կը կարեւորէ միջազգային մեխանիզմներու առկայութիւնը: Կան այլ հարցեր եւս, ուր երաշխիքները կարեւոր են:

«Այս պահին բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքների հարցը բարձրաձայնւում է Հայաստանի կողմից»,-ըսած է Սաֆարեանը: