Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ահաբեկչութիւն որակած է Արցախի մէջ ատրպէյճանական ներթափանցման խումբի գործողութիւնները:
Կառավարութենէն յայտնած են, որ 6 մարտին ընդունելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը, վարչապետն ըսած է, որ գրեթէ երեք ամիս շարունակ Լաչինի միջանցքի արգելափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի հայ բնակչութեան ահաբեկման գործողութիւնները՝ ցեղային զտումներ իրականացնելու վերջնական նպատակով:
Փաշինեան աւելցուցած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը կը դառնայ «կենսական անհրաժեշտութիւն»: