image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիք Շուշիի մէջ ջրամբար կը կառուցեն

Ատրպէյճանցիք Շուշիի մէջ ջրամբար կը կառուցեն

Հայկական բռնագրաւուած Շուշիին մէջ ատրպէյճանցիք ջրամբար կը կառուցեն:

ԱՊԱ ատրպէյճանական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Կեդրոնական ջրամբարը, որ բաղկացած է երկու մասէ՝ իւրաքանչիւրը 1000 խմ, շահագործման պիտի յանձնուի այս տարի:

«Զարիսլինսքայա ամբարտակէն հաւաքուած ջուրը ջրհաններով (pump) պիտի մղուի դէպի այս ջրամբար, իսկ այնտեղէն ինքնահոս կերպով հասնի քաղաքային ցանց։ Ջրամբարի առանձնայատկութիւնն այն է, որ ելեկտրականութեան անջատման, ջրհանի անսարքութեան պարագային, Շուշիի սպառողներուն վրայ պիտի չանդրադառնայ։ Օգտագործելով այս ջրամբարը՝ մենք զանոնք անխափան կերպով կ'ապահովենք ջուրով։ Անկէ յետոյ շահագործման կը յանձնուի եւս մէկ ջրամբար, եւ մենք կը սկսինք քաղաքի ջրամատակարարման ցանցի վերակառուցումը»,- ըսած է «Ազերսու» բաց բաժնետիրական ընկերութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Անար Ճապրաիլի: