image

Ատրպէյճանցի զինուորականներ Թուրքիոյ մէջ պիտի մասնակցին Anatolian Phoenix-2025 զօրավարժութիւններուն

Ատրպէյճանցի զինուորականներ Թուրքիոյ մէջ պիտի մասնակցին Anatolian Phoenix-2025 զօրավարժութիւններուն

Ատրպէյճանցի զինուորականները մասնակցած են Anatolian Phoenix-2025 զօրավարժութիւններուն, որոնք կը կայանան մայիս 12-էն 23-ը Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ։

Այս մասին յայտնած է Սփութնիք գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը:

Զօրավարժութիւններուն Ատրպէյճանը պիտի ներկայացնեն ռազմաօդային ուժերու օդաչուներ, որոնողափրկարարական ծառայութեան մասնագէտներ, տեխնիկական անձնակազմ եւ օդանաւային տեխնիկա։