image

Ատրպէյճան յար եւ նման Իրանի զօրավարժութիւններ կատարեց. «Պլումպըրկ»ի արձագանգը

Ատրպէյճան յար եւ նման Իրանի զօրավարժութիւններ կատարեց. «Պլումպըրկ»ի արձագանգը

Իսրայէլի դաշնակից Ատրպէյճան հակաօդային պաշտպանութեան զօրավարժութիւններ կատարած է Կասպից ծովուն մէջ Իրանի զօրավարժութիւններէն յետոյ, գրած է Bloomberg։

Ատրպէյճան հակաօդային պաշտպանութեան զօրավարժութիւններ կատարեց քանի մը օր անց այն բանէն, երբ իր հարաւային հարեւան Իրան ռազմածովային փորձարկումներ կատարեց իրենց ընդհանուր սահմանի մօտ:

ՀՕՊ (հակաօդային պաշտպանութեան) համակարգերը, ներառեալ հեռահար S-300-ները, օգտագործուած են «պայմանական հակառակորդի» հրթիռային յարձակումներէն կարեւոր կառոյցներու պաշտպանութիւնը փորձարկելու համար։

Զօրավարժութիւնները տեղի ունեցած են օրեր անց Իրանի ռազմածովային ուժերու կատարած զօրավարժութիւններէն Կասպից ծովուն մէջ՝ Իսրայէլի մերձաւոր դաշնակից Ատրպէյճանի հետ սահմանին մօտ գտնուող տարածքին: Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը, որ փակուած էր 2023 թուականի յունուարէն՝ զինուած անձի յարձակման պատճառով, վերաբացուած է անցեալ ամիս։

Իրանի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները վատթարացած են 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն յետոյ։ Իսրայէլեան եւ թրքական զինատեսակներով  սպառազինուած ատրպէյճանական բանակը վերահսկողութեան տակ առած է այդ տարածաշրջանը։