image

Մեկնարկած են «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները

Մեկնարկած են «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները

Յուլիս 15-ին ՀՀ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիայէն ներս ազդարարուած է «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան մեկնարկը։

ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ զօրավարժութեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քուինը եւ այլք։

Հնչած են ՀՀ եւ ԱՄՆ պետական օրհներգերը, «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութեան օրհներգը։ Զօրավարժութեան ներգրաւուած զինծառայողներուն ողջոյնի խօսք յղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը եւ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քուինը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է.

«Բարձր եմ գնահատում զօրավարժութեան նախապատրաստական գործընթացին մասնակցած Եւրոպայում եւ Աֆրիկայում ԱՄՆ ցամաքային զօրքերի, Կանզասի ազգային գուարդիայի, որը 2 տասնամեակից աւել հանդիսանում է Հայաստանի գործընկերը, ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ բրիգադի զինծառայողների, ԱՄՆ դեսպանութեան ներկայացուցիչների եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի աշխատանքը զօրավարժութեան արդիւնաւէտ պլանաւորման գործում:

Բարձր եմ գնահատում միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնների մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւնների շրջանակում բարձրացնելուն ուղղուած այս համագործակցութիւնը»։

Բացման արարողութիւնը ամփոփուած  է հանդիսաւոր երթով: