Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը Հայաստանին ուղարկած է յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ 5 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ եւ կը սպասէ պատասխանի:
«Եթէ Հայաստանը անկեղծօրէն կը փափաքի յարաբերութիւններու կարգաւորում, սա շատ լաւ հնարաւորութիւն է անոնց համար», ըսած է Պայրամով: